Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներուն Ատրպէյճանի Ղազախի շրջան Ղըզըլհաճիլի գիւղին մէջ վիրաւորուած է շրջանի բնակիչ Թուրալ Մուրատով:

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, հայկական ուժերը կրակած են ատրպէյճանցիին բեռնակառքին վրայ, երբ ան կը մեկնէր Ապպասպէյլի լիճ: Վիրաւոր Մուրատով տեղափոխուած է հիւանդանոց:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան Panarmenian.net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին հերքեց այս տեղեկութիւնը:

Ատրպէյճանական կողմը այս անգամ ապատեղեկատուութիւնը տարածելու ընթացքին գեղեցիկ հեքիաթ մը յօրինած է, թէ վիրաւորուած ատրպէյճանցին եւ բեռնատարին վարորդը կ՛երթային գիւղի մօտակայ լճակին մէջ լողալու, իսկ լճակը հեռու չէ հայկական դիրքերէն եւ այդ ուղղութեամբ հայկական կողմը պարբերաբար զինադադարը կը խախտէ: