Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն եւ դրացնութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բանակցային հոլովոյթին բարեյաջող աւարտը:

«Մենք ուրախ ենք հաստատելու Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բովանդակային մասի, ներառեալ՝ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ բանակցութիւններուն աւարտը: Ասիկա շատ դրական զարգացում է եւ մենք անհամբեր կը սպասենք 29 Նոյեմբերին Ընկերակցութեան այս համաձայնագիրի նախաստորագրման՝ Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին եւ հետագային վերջնական ստորագրման, երբ բոլոր թեքնիք ընթացակարգային հարցերը լուծուած ըլլան», կ՛ըսուի Ֆիւլէի եւ Էշթընի միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Ընկերակցութեան համաձայնագիրը թոյլ պիտի տայ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանին միասին յառաջանալու համապարփակ եւ արդիականացման եւ բարեփոխումներու ուղղութեամբ՝ կիսելով ընդհանուր արժէքներ, քաղաքական ընկերակցութիւն եւ տնտեսական համարկում: