Արդէն հինգերորդ օրն ըլլալով Երեւանի փողոցներուն մէջ կը շարունակուի «Չեմ վճարելու 150 դրամ» բողոքի շարժումը:
Երէկ երիտասարդները հիմնականին մէջ հաւաքուեցան կեդրոնական փողոցներու կանգառներուն մէջ, կանգնեցան «վճարել 100 դրամ» պաստառներով եւ բարձրախօսներով կոչ ուղղեցին չվըճարելու 150 դրամ կամ 150 դրամ վճարելու պարագային պահանջել կտրօն:
Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները յայտնեցին, որ քանի մը երթուղիներ երէկ գործադուլ կատարած են եւ իրենց պայքարը արդիւնք կու տայ: Երիտասարդներու ցոյցը մեծաւ մասամբ լաւ արձագանգ կը գտնէ նոյնիսկ երթուղայիններու վարորդներու շրջագիծին մէջ: Անոնք կը մտնեն փոխադրակառքերու մէջ, կոչ կ՛ուղղեն վճարելու 100 դրամ եւ չընդունիլ սղութիւնը: