ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Կլոպըլ Փոսթ» պարբերականը՝ յղում կատարելով «Ֆրանս Փրէս» լրատու գործակալութեան՝ հրատարակած է «Ղարաբաղը անհաւատալիօրէն գրաւիչ վայր կը դառնայ զբօսաշրջիկներուն համար» վերնագիրով յօդուածը:
Յօդուածին մէջ նշուած է, թէ հետզհետէ աւելի ու աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կ՛ուղղուին Ղարաբաղ: Զբօսաշրջութեան խումբին հետ շրջեցանք Ղարաբաղի մեծագոյն քաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր զբօսաշրջիկներ կան տարբեր վայրերէ՝ Թունուզէն մինչեւ Թայուան» կը նշէ ֆրանսացի ատամնաբոյժ Ճորտան Նաումը՝ աւելցնելով, որ թէեւ ինք գիտէր Լեռնային Ղարաբաղի արիւնալի անցեալին մասին, սակայն զարմացած է իր տեսածով: «Մարդիկ շատ լաւ են եւ բաց: Այստեղ շատ անվտանգ է, եւ ես մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ տեսայ՝ տարբեր երկիրներէ: Ես այստեղ վտանգուած չեմ զգար», գրած է 23ամեայ Նաումը:
Հայաստանէն ցամաքի ճամբով Լեռնային Ղարաբաղ գացող ոեւէ անձ կրնայ յայտնուիլ Պաքուի սեւ ցանկին վրայ: Ստեփանակերտի նոր օդակայանի բացման գծով առնուած քայլերը, որոնք պիտի խթանեն Ստեփանակերտին կապը արտաքին աշխարհին հետ, հնչեցուցած են պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներ:
Հակառակ տարածաշրջանի ապագայի անորոշութեան, զբօսաշրջիկները, ինչպէս Լեհաստանէն Անտրէյ Խոյնովսքին, նշած է, որ իրենք իրենց ընկերներուն խորհուրդ կու տան այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ. արդարեւ, յաւելեալ ուշադրութիւնը կրնայ օգնել Ղարաբաղին՝ յառաջ ընթանալու:
«Անոնք հակամարտութիւնը պէտք է լուծեն խաղաղ ճանապարհով, բայց միաժամանակ պէտք չէ խոչընդոտեն զբօսաշրջիկները՝ այդ տարածքները այցելելու», նշած է 59ամեայ Խոյնովսքին՝ լուսանկարուելով միջնադարու վանական համալիրին՝ Գանձասարին առջեւ: