Անկախ փորձագիտական գնահատականներով, ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսական աճին վրայ՝ տարեկան յաւելեալ 146 միլիոն եւրոյի եկամուտ ապահովելով հայկական կողմին համար:
Կ՛ակնկալուի, որ հայկական շուկայի ազատականացումը եւրոպացի գործընկերներուն համար նոյնպէս եկամուտներ պիտի ապահովէ՝ տարեկան մինչեւ 74 միլիոն եւրօ:
Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստան երէկ բարեյաջող կերպով աւարտեցին խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները:
Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը, որ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Ընկերակցութեան համաձայնագիրին մաս կը կազմէ, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ պիտի ստեղծէ առեւտրական յարաբերութիւններու նոր շրջանակ մը, որ պիտի սերտացնէ Հայաստանի տնտեսական համարկումը Եւրոպական Միութեան հետ՝ հայկական ապրանքներու համար ճամբայ հարթելով դէպի եւրոպական շուկայ, ինչպէս նաեւ հայկական շուկան բանալով եւրոպական ապրանքներուն համար:
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մեծագոյն տնտեսական գործընկերն է: Եւրոպական Միութեան երկիրներուն հետ առեւտուրը Հայաստանի առեւտրաշրջանառութեան մինչեւ 32 առ հարիւրը կը կազմէ եւ 2012 թուականին երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ 951 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներէն Հայաստանը չորրորդն է, որ կ'աւարտէ Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ բանակցութիւնները, իր ետ ձգելով Ատրպէյճանը եւ Պելառուսը:
Եւրոպական Յանձնաժողովի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ 7 փուլերէ եւ 900 էջերէ կազմուած է համաձայնութեան փաստաթուղթը, որու վերջնական ստորագրումէն յետոյ Եւրոպան Հայաստանին առաւելութիւններ պիտի տրամադրէ իր՝ շուրջ կէս միլիառ սպառող ունեցող շուկային մէջ:
Յիշեցնենք, որ համաձայնագրի շուրջ ԵՄ-Հայաստան բանակցութիւնները սկսած էին ուղիղ 3 տարի առաջ: Հիմա արդէն Եւրոպական Յանձնաժողովը պէտք է բանակցութիւններու համաձայնուած գրութիւնը զեկուցէ ԵՄ անդամ 28 երկիրներուն, ապա Հայաստան ու ԵՄ պիտի թեւակոխեն յաջորդ՝ պաշտօնապէս աւարտին հասցնելու փուլը:
Այժմ Հայաստանը նոյն հարթութեան վրայ է, ինչ Մոլտովան ու Վրաստանը, որը, ի դէպ, երկու օր առաջ աւարտեց իր բանակցութիւնները: