Հայաստանի ազգային պատկերասրահի երեք սրահներուն մէջ բացուեցաւ Սարգիս Բաղդասարեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած քանդակագործի ծննդեան 90-ամեակին:

Բաղդասարեանի աշխատանքները ներկայացուած են հիմնականօրէն լուսանկարներու միջոցով: Անոր ամենայայտնի գործը՝ Արցախի խորհրդանիշը դարձած «Մենք ենք, մեր լեռները» քանդակն է, որը աւելի ծանօթ է որպէս «Տատիկն ու պապիկը»:

Ծնունդով արցախցի Բաղդասարեանը երկար տարիներ ապրած եւ ստեղծագործած է Երեւանի մէջ ու դասաւանդած է Գեղարվեստա-թատերական ինստիտուտին մէջ: Իր յայտնի աշխատանքներէն է նաեւ Աւետիք Իսահակեանի արձանը մայրաքաղաքի Աբովեան փողոցին վրայ:

«Շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի ցուցահանդէս է բացուել», - «Ազատութիւն» ռատիոկայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Երեւանի գեղարուեստի ակադեմիայի նորընտիր ռեկտոր Արամ Իսաբեկեանը: - «Ուզում եմ նշել նրա ունիկալութիւնը՝ որպէս մտածող քանդակագործ: Ցանկացած աշխատանքի մէջ այդ միտքը երեւում է»:

«Մենք հպարտանում ենք իր արուեստով, իր թողածով, որովհետեւ իր արուեստով նա ստեղծեց նաեւ շկոլա, որ մեր գալիք սերունդը տեսնում է, հպարտանում ու նաեւ շարունակում իր գործը», - «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսաւ անուանի քանդակագործ Տարիէլ Յակոբեանը՝ յոյս յայտնելով, որ ի վերջոյ Սարգիս Բաղդասարեանի արուեստանոցը՝ Կիեւեան փողոցի հանրայայտ Նկարիչներու շէնքին մէջ կը վերածուի տուն-թանգարանի: