ԱՌԻ ընկերութեան խորհուրդի՝ Արցախ ժամանած պատուիրակութեան պատասխանատու Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ այս համաձայնագիրով պիտի ամրապնդուի տարիներու համագործակցութիւնը եւ պիտի ամբողջանայ ծրագիրը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 15 Յուլիսին ընդունած է «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) կազմակերպութեան խորհուրդի խումբ մը անդամներ: Ողջունելով հիւրերը՝ Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի զարգացման նպատակով սփիւռքահայ բարերար-ներդրողներու նախաձեռնած ծրագիրին համար: Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ կատարուող ներդրումներուն զուգահեռ, ընկերութեան անդամները յղացած են նաեւ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման օժանդակելու գաղափար:
Յուլիս 15-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «ԱՌԻ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր, որով Արցախի ազատագրուած տարածքներէն մէկուն՝ Բերձորի մէջ, ընկերութեան նիւթական յատկացումով պիտի հիմնադրուի նոր բնակավայր: Վարչապետին գնահատումով, ծրագիրը ոչ միայն դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Արցախի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին վրայ, այլ նաեւ նոր բնակավայրը, ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցներով, պիտի ըլլայ Արցախի ապագայի գիւղը:
Քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան հանդիպումին մասնակիցներուն ներկայացուցած է 150 բնակելի տունով կառուցուելիք բնակավայրին նախագիծը եւ շինարարական աշխատանքներուն ժամանակացոյցը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ ԱՌԻ ընկերութեան խորհուրդի՝ Արցախ ժամանած պատուիրակութեան պատասխանատու Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ այս համաձայնագիրով պիտի ամրապնդուի տարիներու համագործակցութիւնը եւ պիտի ամբողջանայ ծրագիրը:
Հանդիպման ընթացքին կառավարութեան ղեկավարը Վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրած է ԱՌԻ ընկերութեան խորհուրդի անդամ Բիւզանդ Գէորգեանը՝ ծննդեան 80-ամեակին եւ Արցախի զարգացման իմաստով ունեցած մեծ աւանդին համար: Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն: