ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը իրենց խորին ցաւակցութիւնը  յայտնած են Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած ողբերգական արկածէն մահացածներու հարազատներուն, միեւնոյն ժամանակ խստօրէն դատապարտելով Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններու լկտի պահուածքը՝  ծաղրելով մեր հայրենակից, Արցախեան ազատամարտիկ, վերջերս զինուոր որդի կորսնցուցած Հրաչ Յարութիւնեանին:
Ի նպաստ Հրաչ Յարութիւնեանին, բողոքի հաւաք մը կազմակերպուած է երէկ, Երեւանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութեան առջեւ: