Ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու, ներկայիս Հայաստանի մէջ 60-էն բարձր տարիքով մարդիկ բնակչութեան 14 տոկոսն կը կազմեն։ Համաձայն նոյն վիճակագրութեանց, 2050-ին այդ թիւը կրնայ բարձրանալ 31 տոկոսի:

Եւրոպական ցամաքամասին եւ անոր մերձակայ երկիրներուն մէջ, անցնող երկու տասնամեակներուն բնակչութիւնը սկսած է  աստիճանաբար նուազիլ: Այս մտահոգութենէն դրդուած, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան բնակչութեան ֆոնտի կազմակերպութեամբ,  Ժնեւի մէջ կայացաւ Enabling Choices:

Population Priorities for the 21st Century խորագրով խորհրդաժողովը։
Համաժողովի մասնակից 44 երկիրներու աւելի քան 400 մասնակիցներ համաշխարհային ճանաչում ունեցող փորձագէտներու հետ քննեցին եւրոպական և Կեդրոնական Ասիայի երկիրներու առջեւ ծառացած ժողովըրդագրական, վերարտադրողական առողջութեան և մարդու իրաւունքներու խնդիրները, ինչպէս նաեւ բնակչութեամբ աւելի «ծեր» պետութիւններու հարցերը: Ծերացող երկիրներու շարքին է Հայաստանը, որ իր անմիջական տարածաշրջանին ամէնէն ծերերէն է:
Ատրպէյճանի մէջ թոշակառուներու թիւը ներկայիս կը կազմէ 8 տոկոս, իսկ 2050-ին կը բարձրանայ 25 տոկոսի, սակայն, ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանի բնակչութեան թիւը յառաջիկայ 3 տասնամեակներուն ոչ թէ պիտի նուազի, այլ պիտի աճի՝ հասնելով 11 միլիոնի:
Հայաստանի մէջ վերանայման ընթացքի մէջ է ժողովրդագրական խնդիրներու եւ ծնելիութեան խթանման հարցերու ռազմավարութիւնը։