«Ուքրանիան պատրաստ է նպաստել արցախեան հակամարտութեան շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան անդամներու շփումներու աշխուժացման»: Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Երեւան այցելող ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Կոժարա: Ան երէկ Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: ԼՂՀ նախագահին կÿընկերակցէր ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը եւ այլ անձնաւորութիւններ:
«Մենք կը հաւատանք որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները պէտք է յաճախ հանդիպին, եւ Ուքրանիա պատրաստ է օժանդակելու այս ձեւին, իր տարածքը տրամադրել, կլոր սեղաններու, խորհրդաժողովներու կազմակերպման համար» ըսած է ան:
ԵԱՀկ նախագահը նշած է, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին սառեցուած հակամարտութիւններու կարգաւորումը առաջնահերթութիւններու շարքին է:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կողմնակից է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ: Ան լուսարձակի տակ առած է ԵԱՀԿ Պուտափեշտեան գագաթաժողովին ընթացքին հաստատուած բանակցային ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը՝ աւելցնելով, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութեան անկարելի է հասնիլ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման:
Նախագահ Սահակեան այս հակամարտութեան կարգաւորման մեծագոյն խոչընդոտը նկատած է պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, որ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ եւ պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատականին: Հանդիպման ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Յաջորդաբար, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Լէոնիտ Կոժարա մամլոյ համատեղ ասուլիս մը տուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Լէոնիտ Կոժարա ընդունուած է նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: ՀՀ նախագահը ողջունելով եւ շնորհաւորելով Ուքրանիան՝ 2013 թուականին ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան առիթով, վստահութիւն յայտնած է, որ Ուքրանիոյ  նոր կառավարութիւնը եւ անձամբ Լէոնիտ Կոժարա յաջողութեամբ պիտի իրականացնեն այդ պատասխանատու առաքելութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը: Ըստ նախագահին, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մեծ դեր խաղալ եւրասիական տարածքին մէջ եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ կայունութեան ապահովութեան ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի ներդրումը նաեւ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու զարգացման գործին մէջ: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Լէոնիտ Կոժարայի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը նպաստէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի հիմնարկներուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան խորացման:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները լիակատար աջակցութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ Մինսքի խմբակի առաքելութեան  ուղղուած տագնապի լարուածութեան թուլացման հաւանական նախաձեռնութիւններու իրականացման:
Լայնօրէն քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ սպառազինութիւններուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ գործող միջազգային համաձայնագիրներու իրագործման հարցերուն: