Ս. Էջմիածինը 200 հազար տոլար եւս ուղարկած է Սուրիահայութեան
ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆԵՐԵՒԱՆ.Սուրիահայութեան ծանր կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ամբողջ հայութեան ուշադրութեան առարկայ: Այս առնչութեամբ Մայր աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախա-ձեռնութեամբ, հակամարտութեան առաջին իսկ օրերէն Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ կոչ ուղղուած էր համայն հայութեան՝ հայ եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն միջոցով, զօրակցելու Սուրիոյ մէջ տառապող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեանը յայտնած է, որ Մայր աթոռը թեմերէն ստացուած գումարները պարբերաբար կը փոխանցէ Դամասկոսի հայոց թեմին՝ համայնքի զօրակցութեան համար: Ան նշած է, որ անգամ մը եւս, քանի մը օր առաջ, թեմերէն հաւաքուած 200 հազար տոլար գումար մը Մայր աթոռը ուղարկած է սուրիահայութեան՝ անոնց կարիքները հոգալու համար։