Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ յարձակողական բնոյթի զէնքի մատակարարման գործարքին՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան

«Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանին զէնք ծախելու Ռուսիոյ քայլը ռազմավարական գործընկերոջ պահուածք չէ:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Ռուսիա իրաւական առումով պայմանագրային տրամադրութիւնները չէ խախտած: Բայց, ըստ անոր, Ատրպէյճանին մեծածաւալ զէնքի վաճառքը ռազմավարական դաշնակիցէն ակնկալուող պահուածք չէ:

«Եթէ հաւատանք մեկնաբանութիւններուն, թէ այդ զէնքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութիւնը չի խախտեր, ապա պատերազմի հաւանականութիւնը կը մեծնայ, երբ այսպիսի պետութեան ձեռքին զէնք յայտնուի: Բնականաբար, պատերազմի սկսելու գայթակղութիւնը Ատրպէյճանի մօտ կը մեծնայ: Ուստի մտահոգիչ է Ռուսիոյ կեցուածքը, որքան ալ փորձեն ներկայացնել, թէ զինուորական հաւասարակշռութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ պիտի չխախտի: Կ՛ըսուի նաեւ, որ ոչ միայն հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, այլեւ կը վտանգուի շրջանը: Իրաւական իմաստով խախտում չկայ, բայց ռազմավարական դաշնակիցէն ակնկալուող կեցուածք չէ», մեկնաբանեց Կիրօ Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ պահուածքը ընդունելի չէ:

Մանոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն արձագանգը եւս համարժէք չէր Ռուսիոյ այդ քայլին. Ռուսիա պէտք է զգար, որ Հայաստանի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները, քաղաքական ուժերը դժգոհ են այս կեցուածքէն:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին, Թուրքիա կը փորձէ դէմ աշխատիլ միջազգային համայնքի կեցուածքին եւ կ՛ուզէ իր ազդեցութիւնը մեծցնել, ինչ որ սակայն սկսած է իր հակառակ ազդեցութիւնը տալ՝ շատ հարցերու մէջ Թուրքիա սկսած է մինակ մնալ:

«Եգիպտոսի մէջ «Արաբական գարնան» ոչ այնքան յաջող ելքի փաստը կը տեսնենք, այդ իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան նաեւ շրջանին վրայ: Շրջանին մէջ ազդեցիկ ուժերը չեն ուզեր, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը այլ տիրոյթներ տեղափոխուի, միայն Թուրքիան է, որ կը փորձէ անիւը ետեւ դարձնել եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը նախկին վիճակին հասցնել», ըսաւ Մանոյեան՝ շեշտելով, որ շատերը հաւատացած են, որ Թուրքիան պիտի չյաջողի ատիկա ընել:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ Մանոյեան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը վերջին շրջանին ծանր հետեւանքներով լեցուն էր եւ այդ երկրին մէջ պատերազմական գործողութիւններուն վերջը երեւելի չէ: Մանոյեան յայտնեց, որ այստեղ նաեւ ճիգեր կը գործադրուին՝ սահմանափակելու իրադար- ձութիւնները, որպէսզի այլ շրջաններ արտահոսք չըլլայ, բայց ատիկա այնքան ալ չի յաջողիր, որուն վկայութիւնն են վերջին բախումները Լիբանանի մէջ:

Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ: «Հայաստան այս ամէնուն մէջ պէտք է դրսեւորէ ճկուն կեցուածք եւ այս կամ այն կողմին հետ չնոյնացուի ու շարունակէ իր շահերը հետապնդել», ընդգծեց Մանոյեան:

Անդրադառնալով Մոլտաւիոյ խորհըրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուի Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կատարած գայթակղիչ յայտարարութիւններուն՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Կրիկորիու ընդամէնը փաստեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ անդունդը:

«Եթէ միամիտ ըլլանք, կրնանք ըսել, որ Աուրելիա Կրիկորիու լաւ համոզուած եղած է իր ըսածին մէջ: Եթէ իրատես ըլլանք, կ՛ըսենք, որ իրեն լաւապէս կաշառած են: Սակայն այս ամէնը որոշ առումով կը վկայէ  այն մասին, որ եթէ Հայաստանի մէջ ան այսպիսի բան կրցած է ըսել, ապա Ատրպէյճանի մէջ հակառակին մասին պիտի չհամարձակէր խօսիլ: Այս առումով՝ կարեւոր է, որ առնուազն այն շրջանակը, որ կը մասնակցէր այդ հանդիպման, կամ առհասարակ Հայաստանի մէջ կատարուող ձեռնարկներուն, իրականութեան մէջ տեսնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հիմնական տարբերութիւնը այսպիսի հարցերու մէջ: Չենք պնդեր, որ Հայաստանի մէջ դրախտ է եւ ամէն ինչ սքանչելի է, սակայն այսպիսի հարցերու մէջ տարբերութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մեծ է», ըսաւ Մանոյեան:

Ըստ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին, կարելի է նոյնիսկ շնորհակալ ըլլալ այդ կնոջ, որ փաստեց, թէ Հայաստանի մէջ կրնայ այսպիսի յայտարարութիւն կատարել եւ ապահով մնալ, բայց ոչ ոք չի համարձակիր Ատրպէյճանի դէմ այսպիսի բան ըսել այդ երկրին մէջ: Մանոյեան ընդգծեց, որ անոր խօսիլը այնքան կարեւոր չէր, որքան ներկաներէն ոմանց ձայնակցիլը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ուրկէ՞ ծնած են Դաշնակցութեան հայաստանեան մարմինին մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտումներուն եւ Դաշնակցութեան՝ երկու թեւերու մասին խօսակցութիւնները եւ որո՞նք կը ցանկան պառակտել Դաշնակցութիւնը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ ճիշդ չէ ըսել, թէ Դաշնակցութեան մէջ ոչ մէկ խնդիր, ոչ մէկ տարակարծութիւն կայ: Մանոյեան ընդգծեց, որ կուսակցութիւնը միշտ ալ ցոյց տուած է, որ ինք կրնայ իր ներքին խնդիրները լուծել, եւ դուրսի ուժերուն այն բոլոր ցանկութիւնները, որ ՀՅԴ պառակտուած տեսնեն, միշտ ալ ձախողած են: Մանոյեան յայտնեց, որ կուսակցութեան մէջ կան տարբեր մարդիկ, տարբեր տեսակէտներ, մօտեցումներ եւ հարցեր: Բայց, ըստ Մանոյեանի, Դաշնակցութեան համար ատիկա ընդունուած է, եւ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին յաճախ եղած են հարցեր, զորս միշտ ալ կուսակցութիւնը կրցած է յաղթահարել: