Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը բացէիբաց ըսած է, որ պատերազմ կը յայտարարէ Դաշնակցութեան, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին մէջ փոխանցեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

Իր խօսքերուն համաձայն՝ այդ պատերազմի ծիրէն ներս վարչապետը մամուլի մէջ Դաշնակցութեան մասին «կեղտոտ բամբասանքներ» կը պատուիրէ:

Նշենք, որ մամուլը գրած էր, թէ Դաշնակցութեան ներս լուրջ դժգոհութիւններ կան, մասնաւորապէս, թէ փորձեր կը կատարուին կուսակցութեան Բիւրոյի ղեկավարի պաշտօնէն Հրանդ Մարգարեանը հեռացնելու մասին:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին՝ արդեօ՞ք դաշնակցականները դժգոհ են իրմէ, և իսկապէ՞ս լուրջ խմորումներ տեղի կ'ունենան կուսակցութենէն ներս, Հրանդ Մարգարեանը ըսած է, որ իսկապէս հարցեր եղած են, մասնաւորապէս՝ դժգոհութիւններ ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան գրանցած արդիւնքներէն, բայց անոնք արդէն լուծուած են, եւ այսօր որեւէ խնդիր չկայ:

Այն, ինչ մամուլին մէջ գրուած է, որեւէ առընչութիւն չունի իրականութեան հետ, անոնք դուրսէն գործադրուող ճիգեր են Դաշնակցութեան մէջ ճեղքեր գտնելու եւ խնդիրներ յարուցելու համար, վստահեցուցած է Մարգարեանը՝ աւելցնելով, որ խօսքը տուեալ դէպքին վարչապետի մասին է:

«Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր տնտեսական ապիկար գործունէութեան պատճառով (Դաշնակցութեան կողմէ) քննադատութեան ենթարկուելէ յետոյ բացէիբաց յայտարարել է, որ ինքը պատերազմ է յայտարարում Դաշնակցութեանը, եւ այս տեսակ կեղտոտ լրատըւութիւն, կեղտոտ բամբասանքանման լրատուութիւնը իր գործն է», - ըսած է Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայա- ցուցիչը եւ շարունակած՝ - «Մարդը, որ թոյլ է, տկար է , այս միջոցներով է փորձում հարցեր լուծել»:

«Ուրիշ ոչինչ չկայ՝ մենք ոչ սիրահարուած ենք եւ ոչ էլ ատում ենք այդ վարչապետին, բայց ձախողակ վարչապետ է, եւ դրա համար այս մեթոտներն է օգտագործում իր հարցերը կարգաւորելու համար», - յայտարարեց Հրանդ Մարգարեանը:

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին, թէ որտե՞ղ վարչապետը յայտարարեց պատերազմի մասին, ան արձագանգեց՝ - «Իր շրջանակներում, ինքը գիտի՝ որտեղ է յայտարարել»:

Ան ընդգծեց, որ յստակ տեղեկատուութիւն ունի այդ մասին:

Պատերազմին դիմակայելու մասին պատասխանելով՝ Հրանդ Մարգարեան ըսած է, թէ այդ պատերազմը աւելի շատ Տիգրան Սարգսեանին պիտի վնասէ՝ ոչ թէ Դաշնակցութեանը: