Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ երէկ Երեւան ժամանեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէ:
Այցելութեան հիմնական նպատակը Նոյեմբերին Վիլնիւսի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովէն առաջ Հայաստանի դրութեան եւ արձանագրուած յաջողութիւններու գնահատումն է: Կարեւոր է տեսնել՝ թէ ինչպէս կ'ընթանան գործերը մինչեւ գագաթնաժողովի գումարումը:
Երէկ կայացաւ Սթեֆան Ֆիւլէի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը: Նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ ՀՀ նախագահի ու վարչապետի, ինչպէս նաեւ շարք մը նախարարներու եւ ընդդիմադիր թէ իշխանական կուսակցութիւններու առաջնորդներուն հետ:
Ֆիւլէ խօսելով հասարակական կազմակերպութիւններու ներ-կայացուցիչներուն հետ ըսած է, թէ կտրականապէս համաձայն չէ այն կարծիքին, որ Եւրոպան դէմ է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու զարգացման:
Հայաստանէն ետք Ֆիւլէ պիտի մեկնի Վրաստան, մասնակցելու համար Պաթումի մէջ կայանալիք համաժողովին, նոյն հարցով: