Յուլիս 9-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մէջ (ՍԾՏՀ) Հայաստանի նախագահութեան անդրանիկ միջոցառումը՝ ՍԾՏՀ Աւագ պաշտօնեաներու կոմիտէի, յարակից կազմակերպութիւններու եւ ՍԾՏՀ մշտական միջազգային քարտուղարութեան համատեղ նիստով:
ՀՀ ԱԳՆ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Էդուարդ Փանոյեանը նիստի մասնակիցներուն ներկայացուց Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններն ու հայեցակարգային խնդիրները՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան խթանումը, ՍԾՏՀ տնտեսական նոր օրակարգի պատշաճ իրականացումը, ՍԾՏՀ արդիւնաւէտութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզներու մէջ կազմակերպութեան դերի եւ հեղինակութեան բարձրացումը:
Էդուարդ Փանոյեան աւելցուց, որ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններու շարքին մէջ է նաեւ կազմակերպութեան յարակից մարմիններու, դիտորդներու, բնագաւառային երկխօսութեան գործընկերներու եւ գործարար շրջանակներու հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը:
Նիստի արդիւնքով հաստատուեցաւ ՍԾՏՀ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան վեց ամսուայ օրացոյցը, որ կ'ընդգրկէ կազմակերպութեան անդամ-երկիրներու մէջ նախատեսուող 60-է աւելի բազմաբնոյթ միջոցառումներ: