Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հերթական նիստ հրաւիրած է, որու ընթացքին քննարկած է երկրի ներքին, ընկերային-տնտեսական կեանքի եւ արտաքին քաղաքականութեան շուրջ հարցեր:

ԿԿ-ը առանձնաբար ան-դրադարձած եւ յատուկ քննարկման նիւթ դարձուցած է ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարի՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան շուրջ, ֆրանսական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ արտայայտած մտքերն ու   տեսակէտները, ընդհանրապէս երկրի արտաքին քաղաքականութեան շուրջ   ռազմավարական նշանակութեան հարցեր: