«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պէտք Է Ստանայ Իր Կորսնցուցած Հողերը» հաստատեց ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան

Քննարկուեցան ցեղասպանութեան ենթարկուածներու ժառանգորդներու գոյքային հատուցման վերաբերեալ դատական ատեաններ անհատական եւ խմբակային կարգով հայցադիմումներ ներկայացնելու, իրաւայաջորդութեան եւ պահանջատիրութեան ներկայացման այլ հարցեր:

Եզրափակելով համաժողովի արդիւնքները Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը ստեղծուի յատուկ յանձնախումբ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներու իրաւական թղթածրարը ամբողջականացնելու նպատակով

Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ իր աշխատանքը կատարեց «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած շրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան իրաւական հարցերու քննարկման:

Համաժողովին մասնակցեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան,   Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, որ ի միջի այլոց ըսաւ. «Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման մասին՝ մենք հիմնական պատասխանատու կը նկատենք Թուրքիան: Թուրքիան, իրաւաբանական լեզուով ըսած, ոճրագործութեան կատարողն է: Եւ ատիկա այդպէս է: Բայց մենք՝ իրաւաբաններս, լաւ գիտենք, որ ոճրագործները յաճախ կ՛ունենան յանցակիցներ՝ կազմակերպիչներ, դրդիչներ, օժանդակողներ: Իսկ եղա՞ծ են արդեօք անհատ անձեր, միջազգային բացայայտ կամ գաղտնի կազմակերպութիւններ, ժողովուրդներ եւ պետութիւններ, որոնք կազմակերպած, օժանդակած կամ դրդած են Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնողներուն: Եւ գլխաւորը՝ ի՛նչ նպատակով: Գրականութեան մէջ արդէն յայտնուած են որոշ տեղեկութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն, օժանդակողներուն, նոյնիսկ համակատարողներուն մասին: Բայց այդ տեղեկութիւններուն մէջ ներկայացուած միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն մասին ես առայժմ կը լռեմ, քանի որ անոնք սոսկ վարկածներ են, որոնք իրաւական լուրջ հետազօտութիւններու կարիք ունին»:

«Ինչպիսի՞ն է փոխ հատուցում ստացող ենթականերու շրջանակը: Անիկա պէտք է ընդգրկէ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգնե՞րը, Հայ առաքելական եկեղեցի՞ն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, թէ՞ բոլորը միասին: Իմ խորին համոզումովս, Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները պէտք է նիւթական փոխ հատուցում ստանան, հայ եկեղեցիին պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան հողերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները եւ այլն: Բայց այդ բոլոր պահանջները պէտք է ունենան անթերի իրաւական հիմնաւորումներ», ընդգծեց գլխաւոր դատախազը:

ՀՀ նախագահի խօսքը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջոյնի խօսք յղեց Իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովի մասնակիցներուն: Ան ողջունեց ներկաները եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ մէկ յարկի տակ հաւաքուած են հայ իրաւագիտական միտքի յայտնի ներկայացուցիչները: Նախագահը նշեց, որ համահայկական մասնագիտական նախաձեռնութիւնները դարձած են Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը եւ անոնք արդէն որոշակի արդիւնքներ կու տան՝ բացայայտելով աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման նորանոր օրինակներ: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ երբեք պատահական չէ, թէ հայ իրաւաբաններու ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հիմնախընդիրները: Նախագահ Սարգսեան գնահատեց իրաւաբաններու տեսական եւ գործնական աշխուժ մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց ջանքերը տարբեր երկիրներու պետական եւ քաղաքական կառոյցներուն ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին բեւեռելու եւ ճշմարտութիւնը համայն աշխարհին ներկայացնելու ուղղութեամբ՝ նպաստելով աշխարհի որեւէ կէտի մէջ ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրի կրկնութեան կախարգիլման:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներու վերացումը մշտապէս արդիական հարցեր պիտի մնան: Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ քանի տակաւին գոյութիւն ունի հայոց պետութիւնը՝ անյաջողութեան պիտի մատնուին այս պատմական իրողութիւնը ուրանալու եւ մոռացութեան մատնելու բոլոր փորձերը: Ըստ նախագահին, մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն այս ոճիրը պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ ճանչցուի եւ դատապարտուի՝ նախ եւ առաջ Թուրքիոյ կողմէ:

Ժողովի Յայտարարութիւնը

Ընդունուած‘

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» իրաւաբանների համահայկական երկրորդ համաժողովի մասնակիցների կողմից:

Կարեւորելով աշխարհասփիւռ հայ իրաւաբանների ներուժի ուղղորդման անհրաժեշտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանգների վերացման ուղղութեամբ,

Արձագանքելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի կոչին,

Ողջունելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսների 2013 թուականի ապրիլի 24-ի համատեղ յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, հետեւանքների յաղթահարման, հայկական եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան կալուածքները եւ հոգեւոր-մշակութային արժէքները իրաւատիրոջը վերադարձնելու մասին,

Արժեւորելով ցեղասպանութիւնների հիմնախնդիրների վերաբերեալ հայ եւ օտարազգի իրաւաբանների մինչ օրս կատարած աշխատանքները,

Քննարկելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման հիմնախնդիրները միջազգային իրաւունքի շրջանակներում,

Իրաւաբանների համահայկական երկրորդ համաժողովի մասնակիցներս‘ դիմելով բոլոր հայ իրաւաբաններին, ցեղասպանութիւնների հիմնախնդիրներով զբաղուող միջազգային իրաւունքի օտարազգի մասնագէտներին:

Յայտարարում ենք‘

1.- Հայ իրաւաբանների առաջնահերթ խնդիրը համարում ենք ոչ թէ Ցեղասպանութեան ակնյայտ իրողութեան փաստումը, այլ հետեւանքների յաղթահարման առումով իրաւական հիմնաւոր ու ամբողջական թղթածրարի պատրաստումը‘ համաժողովում ներկայացուած մօտեցումների, առկայ հետազօտութիւնների ու փաստաթղթերի, միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների հիման վրայ,

2.- Իրաւական հիմնախնդիրների շրջանակներում համագործակցելու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ սփիւռքում գործող յանձնախմբերի հետ,

3.- Ստեղծելու ենք յատուկ յանձնախումբ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնա- խնդիրների իրաւական թղթածրարն ամբողջականացնելու համար:

ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԿԵՆՏՐՈՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ