Ծաղկաձորի Գրողներու տան մէջ Յունիս 23-29ին իրագործուեցաւ  կիրակնօրեայ կրթօճախներու ուսուցիչներու համագումար՝  վերապատրաստման ձեւաչափով: Կազմակերպումը ստանձնած է Ս. Էջմիածնի քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը, եւ World Vision միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւնը:
Համագումարին մասնակցած է հայաստանեան բոլոր թեմերէն շուրջ 170 ուսուցիչ:
Դասընթացքի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են Աստուածաշունչի սերտողութիւններ, եկեղեցւոյ պատմութիւն, Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան, ծիսական համակարգի, Սուրբ գիրքի եւ եկեղեցաբանական տարաբնոյթ հարցերու վերաբերեալ դասախօսութիւններ, որոնք ներկայացուած են ինչպէս հոգեւորականներու, այնպէս ալ աշխարհական մասնագէտ բանախօսներու կողմէ:
Ծրագիրին ծիրէն ներս  ուխտագնացութիւն կազմակերպուած է դէպի Հրազդանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած են խմբային աշխատանքներ ու քննարկումներ: