Հայաստան  չի կըրնար  իր ռազմավարական գործըներոջ  թելադրել, թէ  ինչպիսի  յարաբերութիւններ կրնայ ունենալ այլ երկիրներու հետ, սակայն կարելի չէ չանհանգստանալ, տեսնելով թէ Ատրպէյճանի մէջ կը մեծնայ ռազմական պիւտճէն, յատկապէս Ալիեւի ռազմատենչ սպառնալիքներու ֆոնին վրայ:
Այս մասին NEWS.am-ին խօսեցաւ Հ.Յ.Դ. խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանին տրամադրուած ռուսական ռազմական սարքաւորումներու մատակարարման հարցը  եւ գնահատելով, թէ նման պարագայ կ'աւելցնէ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը: «Եթէ Հայաստանը խաղաղութիւն կ'ուզէ, պէտք է պատերազմի պատրաստուի»: