Անցնող շաբաթավերջը Հայաստանի մէջ յատկանշուեցաւ Սահմանադրութեան օրուայ նշումով։ Ուրբաթ 5 Յուլիսը՝ Սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանիշներու օրն էր, որու առիթով Մաշտոցի պողոտան ողողուեցաւ Եռագոյն շապիկներ հագուած երիտասարդներով եւ Եռագոյն դրօշակներով:
Տօնական շքերթը կը գլխաւորէր Զինուորական նուագախումբը:
Տօնական շքերթին մասնակցելու համար մարզերէն մեծ թիւով երիտասարդներ ժամանած էին Երեւան։ Անոնց միացան երաժիշտներ, զինուորականներ, մարզիկներ եւ այլք։
Հանրապետութեան հիմնական օրէնքը հանրաքուէի միջոցով ընդունուած է 1995 Յուլիս 5-ին: Տասը տարի ետք՝ 2005 Նոյեմբեր 27-ին, երկրին մէջ կրկին իրականացաւ սահմանադրական հանրաքուէ, որուն ժամանակ քաղաքացիները հաւանութեան արժանացուցին գլխաւոր փաստաթուղթին մէջ առկայ փոփոխութիւնները: Այդ փոփոխութիւններով ընդլայնուեցան խորհրդարանի լիազօրութիւնները:
Ընդդիմութեան կոչով հասարակութեան մեծ մասը պոյքոթի ենթարկեց Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, սակայն պաշտօնապէս հանրաքուէն համարուեցաւ կայացած եւ այդ փոփոխութիւնները ընդունուեցան: