Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պատասխանելով «Առաւօտ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիա Ատրպէյճանին զէնք ծախելով չի՞ խախտեր երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական ուժերու հաւասարակշռութիւնը, յայտնեց, որ

ինք այնքան ալ անհանգստացած չէ հաւասարակշռութեան խախտումով, որքան անոր կը մտահոգէ, որ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան Ատրպէյճանին ծախած է այնպիսի զինուորական արհեստագիտութիւն, որ նախատեսուած է խաղաղ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար:

«Իրականութեան մէջ զինուորական գործողութիւնները կը սկսին այն ժամանակ, երբ ուժերու անհաւասարակշռութիւն տեղի կ՛ունենայ: Ատրպէյճանի կողմէ իւրաքանչիւր անգամ զէնքի ձեռքբերումը մեր կողմէ կը հետեւէր պաշտպանութեան ծրագրաւորման վերանայումով, իսկ վերանայումը ոչ միայն ստորաբաժանումներու, զօրամիաւորումներու վերադասաւորումներն են, այլ նաեւ՝ զէնքի ձեռքբերումը: Եւ Հայաստան ամէն ինչ կատարած է, որպէսզի պաշտպանութիւն-յարձակում զինուորական գործողութեան թատերաբեմին վրայ անհաւասարակշռութիւն չարձանագրուի: Ատրպէյճանի կողմէ ձեռք բերուած զինուորական արհեստագիտութիւնը՝ հրասայլեր, հակաօդային պաշտպանութեան զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տեսակներ, այս պահուն ես կը խօսիմ իբրեւ զինուորական կամ ռազմական քաղաքական գործիչ, անկեղծ պիտի խոստովանիմ, որ շատ կտրուկ, չեն կրնար մեծ ազդեցութիւն ունենալ մեր ուժերու անհաւասարակշռութեան վրայ, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք վերանայման խնդիր ունինք պաշտպանութեան ծրագրաւորման գծով՝ ըլլայ ատիկա զօրամիաւորումներու, զօրատեսակներու առումով, ըլլայ՝ նոր սպառազինութիւններու առումով, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, թէ Ատրպէյճան ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ այդ զանգուածային ոչնչացման զէնքերը ձեռք բերելով», «Առաւօտ»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Աղաբեկեան:

Աղաբեկեան, որ նաեւ մասնակցած է արցախեան ազատամարտին, յայտնեց, որ Ատրպէյճան այլեւս ձեռք կը բերէ զինատեսակներ, որոնք նախատեսուած են խաղաղ բնակչութեան ոչնչացման համար, իսկ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ օգտագործուող որեւէ զինատեսակ խուճապի կը մատնէ: Աղաբեկեան աւելցուց, որ առաջին գիծին վրայ մարտնչող մեր զինուորները, զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները գիտեն, որ իրենց թիկունքին կը կանգնին իրենց ծնողներն ու հարազատները: «Այստեղ է, որ մենք մտածելու խնդիրներ ունինք, մեր քաղաքական գործիչները, մեր բարեկամ պետութիւնները, մեր բարեկամ երկիրներու քաղաքական գործիչները պէտք է բարձրաձայնեն, որ Ռուսիա Ատրպէյճանին ծախած է այնպիսի զինուորական արհեստագիտութիւն, որ նախատեսուած է խաղաղ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար», շեշտեց Աղաբեկեան։