«Հրաչաբար դաստիարակենք մեր զաւակները» պատգամեց Արծուիկ Մինասեան
Երեք ամիս առաջ դաւադրաբար սպաննուած Կոտայքի Պռոշեանի ՀՅԴ-ական գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ երէկ, քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ,
հոն ուր զետեղուեցաւ ասֆալթի այն կտորը, որուն վրայ անջնջելի մնացած են Հրաչ Մուրատեանի արեան հետքերը։
Մոմավառութիւնը կազմակերպած էր Պռոշեանի Հ.Յ.Դ. «Դրօ Կանայեան» կառոյցը։
Օրուան պատգամախօսն էր Արծուիկ Մինասեանը, որ «Հրաչաբար դաստիարակենք մեր զաւակները» խօսքով հանդէս եկաւ։
Ներկայ էին սպաննուած գիւղապետի պատանի երկու որդիները եւ մեծ թիւով ժողովուրդ։
Սկսաւ նախընտրական քարոզարշաւը
Յուլիս 14-ին Պռոշեանի մէջ պիտի կայանան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց պաշտօնական քարոզարշաւի բացումը կատարուեցաւ երէկ։ Արձանագրուած թեկնածուները 4 հոգի են՝ ՀՀ նախագծերու պետական արտագերատեսչական մասնագէտ, ինքնաառաջադրուած Ալեքսան Ալեքսանեանը, «Դելիկտ» ՍՊԸ-ի տնօրէն, անկուսակցական ինքնաառաջադրուած Ցոլակ Գրիգորեանը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն ինքնաառաջադրուած Արթուր Մուրադեանը, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան անդամ, ինքնաառաջադրուած Վովա Սահակեանը, որ Պռոշեանի համայնքի ղեկավարի տեղակալն է: Վերջին, հինգերորդ թեկնածուն, յետս կոչած է իր թեկնածութիւնը: