Նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Կոմորովսկիի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս կը վերաբերին համարկման գործընթացներուն,

ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը որեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ. “մենք շատ տարիներ երկար ապրել ենք հարեւանութեամբ, իսկ մի տեւական ժամանակ էլ` ընդհանուր պետութեան մէջ: Եւ դարերի ընթացքում ձեւաւորուել են բարեկամական լաւ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ: Մենք բարեկամ ժողովուրդներ ենք, ունենք ընդհանուր պատմութիւն եւ հպարտանում ենք այդ պատմութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ panarmenian.net-ը։

“Հայաստանը եւ Ռուսաստանը հանդիսանում են ՀԱՊԿ անդամ երկրներ, մենք Ռուսաստանի հետ ունենք շատ ընդլայնուած ռազմատեխնիկական եւ խորը տնտեսական յարաբերութիւններ: Ռուսաստանում ապրում է ամենամեծ հայկական համայնքը, եւ այդ համայնքի անդամ- ները շատ յարգուած մարդիկ են: Եւ մենք երբեք չենք արել քայլ, որն ուղղուած կը լինի Ռուսաստանի դէմ եւ չունենք որեւէ բարդոյթ, որ մեզ կարող է մղել այդպիսի քայլի:

“Մենք եւրոպական արժէքներ կրող ժողովուրդ ենք եւ մեր նպատակն է զարգացնել մեր հասարակութիւնը հէնց այդ արժէքների հիման վրայ: Հայաստանը Եւրամիութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում ամենամեծ առաջընթաց ձեռք բերած երկրներից է: Մենք մեր գործունէութիւնը կառուցում ենք ոչ թէ “կամ-կամ”, այլ “եւ-եւ”-ի սկզբունքի վրայ: Եւ ես այստեղ հակասութիւն չեմ տեսնում”:

Սերժ Սարգսեանին ուղղուած յաջորդ հարցը վերաբերած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն միջազգային աջակցութեան կարեւորութեան եւ հեռանկարին՝ յատկապէս այժմ, երբ Հայաստան, ցած եկամուտներով պետութիւններու շարքէն տեղափոխուելով միջին եկամուտներով պետութիւններու շարքին, կորսնցուցած է միջազգային տոնորական հանրութեան աջակցութեան զգալի մասը:

Պատասխանելով այդ հարցին՝ հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան օժանդակութեան կարիք ունի՝ եւ՛ տեխնիքական, եւ՛ նիւթական, փորձառութեան փոխանակման եւ այլն ու կ’ակնկալէ այդ օժանդակութիւնը: Սերժ Սարգսեան խօսած է մաքսային եւ հարկային համակարգերէն ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումներու, գործարար միջավայրի բարելաւման մասին՝ ընդգծելով, որ առանց էական ներդրումներու անհնար է իրականացնել այդ բոլոր բարեփոխումները: