Եւրոմիութիւնը կը հաւատայ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել, եթէ ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար լուծում մը չգտնուի.
այսպէս յայտարարած է Եւրոմիութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփայ, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ սատարել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդական ջանքերուն:
Ըստ Եւրոմիութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեանց՝ Ռոմփայ ողջունած է նաեւ «Ութեակի խմբակ»ի գերաստիճանին ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը:
Եւրոմիութեան նախագահը յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները կոչ ըրած են հակամարտող երկիրներու ղեկավարներուն, որ հաւատարիմ մնան Հելսինքեան սկզբունքներուն, մանաւորապէս՝ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներուն:
Հերման Վան Ռոմփայ նաեւ կոչ ըրած է հակամարտող կողմերուն՝ զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ եւ հռետորաբանութենէ, որ կրնայ աւելիով սրել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ: