ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը մեկնաբանեց ԼՂՀ ԱԳ նախարար Կարէն Միրզոյեանի «France 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցը
Վերջին օրերու ընթացքին լրատուամիջոցներուն մէջ ծաւալած քննարկումներն ու ահազանգերը ունէին իրենց հիմնաւորումներն ու բացատրութիւնները: Չնայած ԼՂՀ նախագահի մամլոյ քարտուղարի եւ անձամբ ԱԳ նախարար Կարէն Միրզոյեանի կողմէ այսօր տրուեցան որոշ մեկնաբանութիւներ, այնուհանդերձ բաւարար չափով չեն փարատուած առկայ մտահոգութիւնները:
Նախ ԱԳ նախարարին կողմէ «բուֆերային գօտի» եզրոյթին հարցազրոյցի ընթացքին ի սկզբանէ չտրուեցաւ համապատասխան ու համարժէք հակադարձ: Խայծը կուլ տալով հանդերձ՝ արտգործնախարարի կողմէ սայթաքումները իրար յաջորդեցին: Չուզելով մեկնաբանել հարցազրոյցի բովանդակային մանրամասները, նպատակայարմար կը գտնեն ներկայացնելու մեր տեսակէտները:
ԼՂՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքները ոչ մէկուն համար շահարկման նիւթ չեն ըլլար: ԼՂՀ Սահմանադրութեան համապատասխան դրոյթը հարցականին տակ դնելը մեր համոզմանբ քրէօրէն դատապարտելի է՝ անկախ անձէ եւ զբաղեցուցած պաշտօնէն: Մենք չենք մոռցած տարիներ առաջ ՀՀ ԱԳ նախկին նախարար Վ. Օսկանեանի կողմէ «օկուպացուած տարածքներ» արտայայտութեան դէմ ծաւալած ալիքը եւ անոր կողմէ հրապարակային ներողութիւն հայցելը կամ ԼՂՀ ՊԲ բարձրաստիճան պաշտօնեայի կողմէ ազատագրուած տարածքները «բեռ» համարելը եւ քաղաքական ուժերու ու հանրութեան հակադարձը: Մեր ժողովրդի զգոնութիւնը փորձարկուած է տարբեր ձեւաչափերով ու տարբեր մակարդակներով. Վստահ եմ, որ այս անգամ եւս այդ զգոնութիւնը կասկածի տակ առնելու առիթ չենք տար:
Միւս կողմէ մենք հաւատացած ենք, ԼՂՀ նախագահի կողմէ վարուող քաղաքական կուրսին եւ թերեւս ԱԳ նախարարին կողմէ արտայայտութիւնները կարող չեն տեղ ունենալ այդ քաղաքական կուրսի շրջանակէն ներս:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ քննարկումներուն մէջ որդեգրուած էին համապատասխան քայլեր.Գաղտնիք չեմ բացայայտեր՝ եթէ ԱԳ նախարարի եւ նախագահի մամլոյ քարտուղարին կողմէ այսօրուայ մեկնաբանութիւնները չըլլային, Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը վաղը ձեռնամուխ էր լինելու ԱԺ արտահերթ նիստի գումարման գործընթացի: Իսկ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մակարդակով ԼՂՀ նախագահի հետ պիտի քննարկուէր ԱԳ նախարարի հետագայ պաշտօնավարման հարցը: Բայց ինչպէս կþըսեն «Շաբաթը աւելի շուտ եկաւ, քան Շաբաթը» -նշեց Դ. Իշխանեանը: