Պէյրութի մէջ նախարարուհի տիկին Հրանուշ  Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ  հայ լրագրողներուն հետ Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Ան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն:


Հանդիպումը կը միտէր անդրադարձ մը կատարել նախորդ տարի Ստեփանակերտի մէջ կայացած լրագրողներու խորհրդաժողովէն բխած բանաձեւերու գործադրութեան եւ մտահոգութիւններու փարատման միտող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուական դաշտերուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց նախարար Յակոբեանի այցելութիւնը Լիբանան՝ ու նկատել տուաւ, որ նախորդ տարի Ստեփանակերտի մէջ կայացած խորհրդաժողովով աւելի եւս շեշտուեցաւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը, որուն ամրապնդման համար անհրաժեշտ է տարբեր կողմերու միջեւ համագործակցութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին առիթով ան շնորհաւորեց ներկաները՝ վեր առնելով այս անկախութեան կարեւորութիւնը համայն հայութեան համար:
Ապա խօսք առաւ Լրատուամիջոցներու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ նախորդ տարուան խորհրդաժողովը կարեւոր ու յատկանշական էր յատկապէս այն իմաստով, որ ներկայիս թրքական ու ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան  արշաւին դէմ դնելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնած ենք, ուստի կարեւոր է տարբեր լրատուամիջոցներու միջեւ կապերը ամրապնդել եւ այս իմաստով հետեւողական ըլլալ: Անոր համաձայն, այս խորհրդաժողովին արդիւնքները արդէն իսկ սկսած են ակնյայտ ըլլալ, որովհետեւ զգալի է, թէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն կողմէ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ յաւելեալ հետաքրքրութիւն յառաջացած է, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ օրաթերթերէն արտատպումները աւելի յաճախակի դարձած են:
Անկէ ետք խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ իր կարգին յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Լրագրողներու 5-րդ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնն ու ազդեցիկութիւնը՝ դիտել տալով, որ ցարդ Հայաստանի  եւ սփիւռքի համաժողովներուն մեծամասնութեան նկատմամբ վստահութիւն ու հաւատք գոյութիւն չունէր, որովհետեւ անոնցմէ բխած առաջադրանքները հետապնդելու հոլովոյթ չկար:
Ան նշեց, որ թէեւ այսօր շուրջ 250 տպագիր թերթեր ու ամսաթերթեր կը գործեն սփիւռքի տարածքին, սակայն անոնք տարբեր տեսակի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին, որովհետեւ կայ լեզուի պահպանման հարց, մարդուժի հարց, համացանցային լրատուամիջոցներու ողողման պարագայ: Այս իմաստով ան դիտել տուաւ, որ արդէն նախարարութիւնը կարգ մը ծրագիրներու նախաձեռնած է, գործադրած է երիտասարդ լրագրողներու պատրաստման դասընթացքներ, երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց եւ այլն:
Սփիւռքահայ լրատուամիջոցներուն հետ համագործակցութեան մասին խօսելով՝ նախարար Յակոբեան դիտել տուաւ, որ անիկա բաւական դրական եւ արդիւնաւէտ է, որովհետեւ կարելի եղաւ արդէն ծանօթութիւններ հաստատել, զիրար ճանչնալ, վստահութիւն ձեւաւորել, գործակցութեան նորանոր հորիզոններ բանալ:
Նախարարը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի համար սփիւռքը արդէն մնայուն ներկայութիւն է, բոլոր ծրագիրները արդէն համահայկական դարձած են, աշխատանք կը տարուի եւ պէտք է տարուի տարբերութիւնները յարգելով հանդերձ հասարակաց եզրեր գտնելու եւ զարգացնելու, որպէսզի Հայաստանի, նաեւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն իւրաքանչիւրին ունեցած իւրայատկութիւնը համագործակցութեան ի վնաս չըլլայ, անոր դէմ իբրեւ պատուար չկանգնի:
Ապա սփիւռքի նախարարը անդրադարձաւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներուն, այդ գծով առկայ հարցերուն, պատկերասփիւռի ծրագիրներուն, սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ վերջին հանգրուանին իրականացուող յայտագիրներուն, որոնք կը միտին սփիւռքին յատուկ տեղ տալ Հայաստանի  պատկերասփիւռի կայաններու ծրագիրներուն մէջ: