Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան Գորիսի միջադէպին վերաբերեալ «Երկիր»-ին տուաւ իր գնահատականը: «Գորիսի միջադէպը արդիւնքն է այն փաստին, որ մեր իշխանութիւնները բոլոր իրենց միջոցները մէկ տարիէ ի վեր ծառայեցուցած էին

խորհրդարանական, նախագահական, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու համար, եւ բնականաբար, անոնք այդ ընթացքին չէին զբաղեր իրենց սեփական ընդերքին մէջ կատարուող հոլովոյթներով եւ չէին տեսներ, թէ այդ յաղթանակը ի՛նչ լկտիութեան նոր ալիքով յղի է, հիմա անոր արդիւնքը կ՛երեւի: Հիմա անոնք բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին, որովհետեւ կը հասկնան, որ փաստօրէն իրենք իրենց վրայ վերցուցած են թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան դերը: Իշխանութիւնը այսօր թէ կ՛իշխէ, թէ՛ պարտաւորուած է ինքզինք քննադատելու մասը ապահովել, որովհետեւ ուրիշներու քննադատութիւնը չի սիրեր եւ չ՛ուզեր լսել», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ «Սուրէն Խաչատրեաններ» իբրեւ երեւոյթ կան բոլոր հասարակութիւններուն մէջ, նոյնիսկ ոճրային տարրերէ համեմատաբար զուրկ Նորվեկիաներուն եւ Զուիցերիաներուն մէջ: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, անոնք այդ երկիրներուն մէջ մարզպետ չեն դառնար, տասնամեակներ շարունակ իշխանութեան զինանոցի կարեւորագոյն դերակատար չեն դառնար, իշխանութիւնը կրնայ մարդոց այս տեսակը զտել, մէկ կողմ պահել որոշում տալու օղակներէն: ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը  նոյն լծակներու օգտագործում կը նկատէ Սուրէն Խաչատրեանի պաշտօնին համար անոր տեղակալի նշանակումը:
«Սուրէն Խաչատրեանի ծանր ստուերը տակաւին կը մնայ Սիւնիքի մարզպետարանին վրայ», ընդգծեց Վահան Յովհաննիսեան՝ շեշտելով, որ իշխանութիւնները Սիւնիքի նախկին մարզպետը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու կամք պիտի չունենան:
Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ եթէ քաղաքացի ես, պարտաւոր ես ապրիլ օրէնքներով՝ ոչ թէ գողական, այլ՝ պետական: «Գողական օրէնքներով կը սկսին ապրիլ, կամ ենթարկուիլ այդ համակարգին այն ժամանակ, երբ կը դադրին իրենք զիրենք քաղաքացի զգալ: Իսկ կը դադրին իրենք զիրենք քաղաքացի զգալ, որովհետեւ պետական համակարգի պաշտպանութիւնը չեն զգար, իրենք զիրենք չեն զգար համակարգի մաս մը, որուն մէջ հաւասար իրաւունքներու տէր են եւ կը փորձեն ստեղծել սեփական իրաւունքի դաշտ»