Անցնող շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են Ջաւախքի բնակիչները, որոնք մեքենաներով փակած են Հայաստանի սահմանային Բաւրայի անցակէտի ճանապարհը:
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ թէ բողոքի պատճառը կապուած էր անցակէտին վրայ գանձումներու դրութեան շատոնց արծարծուող հարցին։
Ցուցարարները կը բողոքէին նաեւ սահմանային կէտին վրայ եղած անյարմարութիւններու եւ երկար ժամանակ սպասումներուն գծով:
Վրայ հասած են Ջաճախքի հայ ղեկավարները, խորհրդարանի պատգամաւոր Սամվէլ Պետրոսեանը, որոնք խորհրդակցած են Հայաստանի պաշտօնեաներու հետ։
Շիրակի մարզային ղեկավարութեան ներկայացուցիչները խոստացած են յառաջիկայ շաբաթ լուծել բարձրացուած հարցերը։
Այս խնդրի առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած է «Ջաւախք» հայրենակցական միութինը, դիտել տալով թէ Բաւրայի սահմանակէտը իւրայատուկ է, որովհետեւ այն կէտէն Հայաստան մուտք կը գործեն բացառապէս մեր հայրենակիցները՝ ջաւախքցիները «հետեւաբար, ստացւում է, որ Մայր հայրենիք մուտք ու ելքի համար ջաւախքցին գումար է վճարում, ինչը չի ընկալւում վերջիններիս կողմից եւ չի տեղաւորւում առողջ տրամաբանութեան մէջ:
«Ջաւախք» հայրենակցական միութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է այս հարցով: