ԱՄՆ-էն վերադարձին, աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գըտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցած է ԵԱՀԿ-ի (OSCE) Մնայուն խորհուրդի նիստին, ուր ելոյթ ունեցած է: Խօսած
է Եւրոպայի Խորհուրդին առջեւ ծառացող խնդիրներուն, Եւրոպայի Խորհուրդ - ԵԱՀԿ գործակցութեան, Եւրոպայի Խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան նախապատւութիւններուն մասին: