Ռուսական «Իթար¬Թասս» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 7ին հաղորդեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը դարձեալ չէ կրցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ բանակցային հանդիպում մը կազմակերպելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել,

հակառակ իր մտադրութեան։
Գործակալութեան դիւանագիտական աղբիւրը, երկիրներէն մէկուն պատւիրակութեան անդամներէն տեղեկացած է, թէ  հանդիպումը, որ կը նախատեսուէր իրականացնել Յունիս 12ին, Սալծպուրկի մէջ, տեղի պիտի չունենայ: Աղբիւրին կանխատեսումներով՝ այժմ որեւէ մօտալուտ հանդիպման մասին կարելի չէ խօսիլ: