ԵՐԵՒԱՆ - Armenia Tree Project (ATP), վերջերս աւարտեց իր 39-րդ ծառատունքի արշաւը։ Մօտ 44.000 ծառ տնկեցին, այս գարնան Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ, զարդի եւ պտղատու ծառեր եւ աւելի քան 10.000 անտառներու վերականգման համար՝ Լոռի մարզէն ներս:


ATP համայնքային ծառատունկ ծրագիրը կը վերակենդանացնէ գիւղական եւ քաղաքային տարածքները՝ բնակիչներուն հետ գործակցաբար տնկելով այգիներու մէջ, հասարակական հաստատութիւններու եւ այլ վայրերու մէջ ծառեր՝  Հայաստանէն եւ Արցախէն ներս։
Այս տարուայ գարնան ծառատունկ գործադրուած է  111 վայրերու մէջ։ Այդ ծառատունկերը եղած են թանգարաներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու, ռազմակայաններու, եկեղեցիներու եւ որբանոցներու պարզէտներէն ներս։
ATP տնկած է 2.144 ծառ Արցախի մէջ հիմնականօրէն Մարտունիի եւ Հադրութի  ազատագրուած տարածքներուն մէջ «Դա յատուկ նշանակութիւն ունի մեզ համար կազմակերպել ծառատնկում Արցախի այդ ռազմավարական տարածքներուն մէջ», կը բացատրէ ԱՊՊԱ ծրագրի ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը:
ATP-ի առաքելութիւնն է աջակցիլ հայ ժողովրդին, բարելաւել իրենց կեն- սամակարդակը եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը, խթանելու ինքնաբաւութեան եւ անտառային աղբիւրներու օգտագործումով։
ATP-ի երեք հիմնական ծրագրերն են՝ ծառատունկը, բնապահպանական կրթութիւնը եւ կայուն զարգացման նախաձեռնութիւնները։