ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը համաձայնութեան հասած են Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով բարձր մակարդակի հանդիպում մը իրականացնելու շուրջ.

այս մասին Չորեքշաբթի, Յունիս 5ին յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Իան Քելիի գրասենեակը՝ ըստ «168.am» կայքին:

«Համանախագահները պիտի շարունակեն համատեղ աշխատիլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ այդ հանդիպումի նախապատրաստութեան համար», նշուած է Քելիի գրասենեակին կատարած յայտարարութեան մէջ: