«Հանրապետութեան հրապարակի վերակառուցման մրցոյթը ծրագրուած է եղել մօտ երկու տարի առաջ՝ նպատակ ունենալով, սակայն, վերակառուցում ոչ բառի բուն իմաստով»:
Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան 2012թ. պետական բիւջէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան ընթացքին յայտնած է Երեւանի փոխ քաղաքապետ Կամօ Արէեանը՝ պատասխանելով ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի այն դիտարկման, թէ՝ «միթէ մայրաքաղաքի իշխանութիւնները նոր են պարզել, որ մայրաքաղաքի ճարտարապետական տեսքը աղճատուել է»:
«Վերակառուցում է արուելու ոչ բառի բուն իմաստով: Պէտք է ներկայացուեն առաջարկներ հրապարակի ստորգետնեայ հատուածի, արձանի եւ տրանսպորտային անցումների շուրջ», յայտնած է Արէեան՝ աւելցնելով, որ այլ մանրամասներու գծով Փաշինեան կրնայ տեղեկութիւններ ստանալ մայրաքաղաքի գլխաւոր ճարտարապետէն:
Կամօ Արէեան ընդգծած է, որ Հանրապետութեան հրապարակը գործնական տեսակէտէ իսկապէս հարցեր ունի: «Տրանսպորտային ծանրաբեռնուածու- թիւնը եւ Լենինի արձանի տեղում առաջացած բաց հատուածը խնդիրներ են առաջացնում հրապարակը լիարժէք օգտագործելու առումով եւ դրա արտաքին տեսքի հետ կապուած», նշած է Արէյեանը:
Երեւանի փոխքաղաքապետը նաեւ յիշեցուցած է, որ Երեւան քաղաքին 2012ի պետական պիւտճէով յատկացուած է 46 միլիառ 761 միլիոն դրամ եւ ընդգծած է, որ մայրաքաղաքի պիւտճէի կատարողականը գրեթէ 100 տոկոս եղած է:
Երեւանի քաղաքապետարանը յայտարարած է «Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վերակառուցման հայեցակարգային նախագծի հանրապետական ճարտարապետական բաց մրցոյթ», որուն յատուկ յանձնաժողովը պիտի գլխաւորի Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեանը:
Մրցոյթին նպատակն է ընտրել այն լաւագոյն նախագծային առաջարկները, որոնք յարմար պիտի ըլլան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի կարեւորագոյն ճարտարապետական համալիրի արդիականացման ու յարմարեցման, քաղաքաշինական զարգացման արդի գործընթացներուն: