Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ 3-4 Յունիսին, Թիֆլիսի մէջ, Վրաստանի Ընկերվար ժողովրդավարներ զարգացման համար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:
Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Մոլտաւիոյ, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Յունաստանի եւ
Թուրքիոյ անդամ կուսակցութիւններէն, ինչպէս նաեւ իբրեւ հիւր՝ Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա:
Ժողովին մասնակից ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ժողովին նախագահեցին յանձնախումբի համանախագահներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Ալեքսանտրա Տոպոլի (Հունգարիա):
Յանձնախումբի այս ժողովը առաջինն էր Ընկերվար միջազգայնականի վերջին համագումարէն ետք:
Օրակարգի հարցերն էին.
1.- Ճշդել ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու շրջանին մէջ ընկերվար ժողովրդավարութեան ներկայ առաջնահերթութիւնները եւ կատարելիքները:
2.- Շրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւններու յաջողութեան պայքարի մարտահրաւէրները:
3.- Տագնապներու յաղթահարում-հիմնարար անհրաժեշտութիւն՝ դէպի արդար եւ բարեկեցիկ հասարակութիւն ձեւաւորելու ճամբուն վրայ:
4.- Շրջանի երկիրներու ազգային իրավիճակին մասին զեկուցումներ:
5.- Ներկայ ժամանակաշրջանին համար յանձնախումբի աշխատանքային ծրագիրը:
6.- Եզրակացութիւններ եւ ժողովի յայտարարութեան որդեգրում:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները ելոյթներ ունեցան օրակարգի բոլոր հարցերուն շուրջ:
Ժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ շրջանի տարբեր երկիրներուն մէջ ընկերվար ժողովրդավարութեան առաջնահերթութիւններուն մասին: