Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն հաստատուեցաւ Յունիս 1ին հրապարակուած տեղեկութիւնը, ըստ որու՝ Ռուսաստանէն Հայաստան բերուած են «Իսկանդեր-Մ» տեսակի միջին հեռահարութեան հարուածային հրթիռային քանի մը համալիրներ:

Համալիրներու հեռահարութիւնը աւելի քան 300 քիլոմեթր է:

Հրթիռները կը նկատուին ամէնէն արդիական զինատեսակներէն: