ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 2012ի աշխատանքները տարուած են քանի մը ուղղութիւններով:
Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան 2012թ. պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան ընթացքին յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ պիւտճէով յատկացուած սուղ միջոցներով փորձած են մեծ ծրագիրներ իրականացնել:
«Առաջին ուղղութիւնը հայապահպանութիւնն է՝ լեզու, ընտանիք, մշակոյթ եւ ինքնութիւն: Այդ ուղղութեամբ արուած գլխաւոր ծրագիրն ամառային դպրոցն էր, այն հիմնուեց Երեւանի պետական համալսարանում, որտեղ կազմակերպուեցին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի արագացուած դասընթացներ», դիտել տուած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ այսօր արդէն 200 դիմում ներկայացուած է այդ ուսուցման մասնակցելու համար: Նախարարը կարեւոր նկատած է տարբեր բնագաւառներու մէջ կայացող մրցանակաբաշխութիւնները, որոնք կը կատարուին Ռուսիոյ հայերու միութեան հետ: Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծած է նաեւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի կայացումը՝ շեշտելով, որ կարելի եղած է վեց ամսուան ընթացքին ատիկա կազմակերպել:
Անդրադառնալով հայրենադարձութեան հարցին՝ Յակոբեան դիտել տուած է, որ՝ «եթէ այսօր սիրիահայերը եկել են ու չեն հեռանում հայրենիքից, սա մեր պետութեան շնորհիւ է: Սիրիահայերի բոլոր խնդիրները լուծւում են Հայաստանի նախագահի յանձնարարութեամբ ստեղծուած յանձնաժողովի եւ նախարարութիւնում գործող խմբի միջոցով», դիտել տուած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ Երեւանի քաղաքապետարանը եւս մեծ ներդրում կատարած է այս հարցին մէջ:
Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է նաեւ «Արի տուն» ծրագիրը: «Սա համահայկական, ազգային ծրագիր է, երեխան գալով, ապրելով հայ ընտանիքում ոչ միայն յաւերժ ընկեր է ձեռք բերում, այլեւ ծանօթանում է հայ մշակոյթին, աւանդոյթներին»:
Նախարարը դիտել տուած է, որ պետական պիւտճէէն տրամադրուած գումարները յատկացուած են նաեւ Հայոց Ցեղաս- պանութեան 100ամեակին ընդառաջ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման: