Երուսաղէմի Սրբոց Հակոբեանց վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի գահակալութեան արարողութիւնը:
Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ՝ արարողութեան պիտի մասնակցին Նաթան արք. Յովհաննիսեանը եւ Վահան եպս. Յովհաննիսեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն ներկայ պիտի գտնուին Վարուժան արք. Հերկէլեան եւ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի Ընդհանուր միաբանական ժողովը Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին պատրիարք ընտրած էր Յունուար 24-ին։
Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ այսօր Յունիս 4ին: