Մայիս 17-ին, ժամը 18:00-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնէն ներս կայացաւ «Երկու ժողովուրդ, մէկ ճակատագիր. յոյներու ցեղասպանութիւնը (1914-1923 թթ.)» խորագրով սեմինար՝ նուիրուած Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան տարելիցի օրուան:

Սեմինարի բանախօսներն էին պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող Գէորգ Վարդանեանը, որ հանդէս եկաւ «Յոյների ցեղասպանութիւնը 1914-1923 թուականներին. ընթացքը եւ հետեւանքները» թեմայով, պատմական գիտութիւնների թեկնածու, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող Թեհմինէ Մարտոյեանը, որ դասախօսեց «Զուգահեռ ցեղասպանութիւն. յոյն եւ հայ բնակչութեան ոչնչացման քաղաքականութեան իրագործումը Զմիւռնիայում (1922թ. Սեպտեմբեր)» թեմայով, եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախմբի կողմէ Յովիկ Գասապեանը, որ խօսեցաւ «Հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութիւնը պոնտոսցի յոյներու կազմակերպութիւններու հետ. մտածումներ եւ մօտեցումներ» թեմայի շուրջ:

Սեմինարին մասնակցեցան Հայաստանի մէջ յունական համայնքի անդամներ, գիտնականներ, թուրքագէտներ, լրագրողներ, Երեւան բնակող յունահայեր եւ ուսանողներ:

Սեմինարը սկսաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանի բացման խօսքով, որ մասնաւորապէս նշեց, որ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը բաւականին ծանր երեւոյթ է յատկապէս ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդներու համար: Ըստ Հ. Ալվրցեանի՝ «քանի դեռ չի ամոքուել ցեղասպանութեան թողած սպին, եւ ժողովուրդը չի ստացել դրա հատուցումը, այն հետզհետէ խորանալով՝ ավելի մեծ վէրք է դառնում: Մեր ժողովուրդները դեռ չեն կորցրել հաւատը, որ կը հասնեն հատուցման՝ քաղաքական պայքարի ճանապարհով» ըսաւ Հ. Ալվրցեան աւելցնելով թէ «մենք նաեւ համոզուած ենք, որ միայնակ չենք այդ պայքարի ճանապարհին, իսկ հայերը, յոյները եւ ասորիներն այդ առումով ունեն միմեանց հասկանալու մեծ ներուժ»:

Բանախօսները անդրադարձան իրենց թեմաներուն, հանդիսատեսներուն հրամցնելով նիւթի պատմական-քաղաքական բո լոր երեսները:

Յովիկ Գասապեանը, անդրադարձաւ այն հարցին, թէ պոնտական հարցը անխտիր բոլո՞ր յոյներուն կը վերաբերի, թէ՞ միայն պոնտոսցի յոյներուն, եւ ո՞րն է յունական հարցի բովանդակութիւնը: Ան շեշտեց, որ այսօր պաշտօնապէս Յունաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ոչ մի ազգային խնդիր չկայ՝ բացառութեամբ մէկ հարցի: «1970-ական թուականներու կէսերէն ի վեր միակ խնդիրը, որ առկայ է այս երկրների միջեւ այն հարցն է, թէ որտեղից են սկսւում Յունաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանները՝ Էգէական ծովի վրայ: Այսօր Յունաստանը, իբր պետութիւն, այլ խնդիր չունի Թուրքիայի հետ, մնացեալ խնդիրները «դիւանագիտական» ծիրէն ներս են: