Պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր այցելեց Ֆրանսայի Ծերակոյտ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Ժան-Լուի Քարերի հետ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը, կարեւոր նկատուեցաւ այդ հոլովոյթին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու դերակատարութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը շրջանային եւ միջազգային հարցերու: Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շրջանային խնդիրներու լուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները:

Նոյն օրը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի հայ-ֆրանսական միջ-խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու անդամներուն հետ ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատեց ֆրանսացի խորհըրդարանականներուն նախաձեռնութիւնները եւ ներդրումը հայ-ֆրանսական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամները վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն ջանքերը Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան յաւելեալ սերտացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:

Օրուան երկրորդ կիսուն Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն մասին ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ Միջազգային յարաբերութիւններու ֆրանսական հիմնարկին մէջ. ձեռնարկին ներկայ էին Փարիզի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պետական նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հեղինակաւոր փորձագէտներ ու լրագրողներ, ֆրանսական մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախարար Նալբանդեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները, Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը, Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները, միջազգային եւ շրջանային շարք մը խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները: Ելոյթէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Երեկոյեան նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, հեղինակաւոր քաղաքագէտներու եւ վերլուծաբաններու հետ: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ շահագրգիռ եւ հանգամանալից քննարկում՝ միջազգային յարաբերութիւններու արդի հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ:

 

Նալբանդեան Եւ Ֆապիւս Քննարկեցին
Ղարաբաղեան Տագնապի Թղթածրարը

Պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 13 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:

Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Ֆապիւս շնորհաւորեց Էդուարդ Նալբանդեանը արտաքին գործոց նախարար վերանշանակուելու առիթով եւ ընդգծեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները գերազանց են, եւ այս այցելութիւնը լաւ առիթ է ամփոփելու ձեռքբերումները եւ քննարկելու տարբեր մարզերուն մէջ անոնց յաւելեալ զարգացման կարելիութիւնները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին եւ Փարիզ այցելելու հրաւէրին համար՝ Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Ֆրանսա եւ Հայաստան կը միաւորուին առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով, որոնք խարսխուած են հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութեան վրայ: Ըստ նախարարին, բնական է, որ արտաքին գործոց նախարար վերանշանակուելէն ետք իր առաջին այցելութիւններէն մէկը կը կատարէ բարեկամ Ֆրանսային:

Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկկողմանի փոխադարձ յարաբերութիւնները վերընթաց զարգացում կ՛ապրին, առկայ է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, ձեւաւորուած է լայն իրաւապայմանագրային դաշտ, ֆրանսական ընկերութիւնները զգալի ներդրումներ կատարած են Հայաստանի տնտեսութեան մէջ եւ աշխուժ համագործակցութիւն կ՛ընթանայ գիտակրթական ու մշակութային մարզերուն մէջ:

Նախարարներ Նալբանդեան եւ Ֆապիւս ընդգծեցին տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը: Այդ շրջագիծին մէջ նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան կ՛ողջունէ ֆրանսական ներդրումներու աճը եւ այդ ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւնները:

Երկու նախարարները անդրադարձան տարբեր մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի ստանձնելիք նախագահութեան եւ ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան:

Զրուցակիցները քննարկեցին միջազգային եւ շրջանային հարցեր:

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէր նաեւ արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: Բարձր գնահատելով Ֆրանսայի կառուցողական ներգրաւուածութիւնը՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը՝ ուղղուած հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման: