Երէկ երեկոյեան շուէտական Մալմիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրատեսիլ-2013»-ի երկրորդ կիսաւարտականը:

Այս տարի սոյն երգի մրցումին Հայաստանը ներկայացնող «Տորիանս» ռոք խումբը կատարեց «Լոնլի փլանեթ» երգը հանդէս գալով կիսաեզրափակիչի երկրոդ փուլի 11-րդ դիրքին վրայ: Այս կիսաւարտականին մասնակցեցան 17 երկիրներ, որոնց  շարքին Հայաստան յաջողեցաւ գրաւել 7-րդ դիրքը եւ կարելիութիւնը ստացաւ մասնակցելու 18 Մայիսին տեղի ունենալիք «Եւրատեսիլ»-ի աւարտական հանգրուանին: Հայաստանէն զատ աւարտական հանգրուան հասան Հունգարիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Ռումանիան, Նորվեկիան, Իսլանտան, Ֆինլանտան, Մալթան եւ Յունաստանը:
Շնորհաւորութիւններ ՏՈՐԻԱՆՍ խումբի փայլուն կատարման եւ առաջին յաղթանակի համար: