Երեք տարբեր ցուցահանդէսներով, որոնց բացումը պիտի կատարուի Մայիս 26-27ին, այցելուներուն պիտի ներկայացուին Ռոքֆելըր արխիւային կեդրոնի լուսանկարները:
Ցուցահանդէսները բաց պիտի մնան մինչեւ 8 Յունիս 2013

26 Մայիսին Հայաստանի մէջ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Ռոքֆելըրի արխիւային կեդրոնին մէջ պահուող Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի բացառիկ հաւաքածոն, որ կազմուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ 1915-29 թուականներ:

Միութեան նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիկտորիա Անտաբեանը նշած է, որ միութիւնը «Հետքերով որբերի հայոց» վերնագիրին տակ պիտի կատարէ շատ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը՝ համագործակցելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան, Միացեալ Նահանգներու Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամին եւ Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» որբանոցին հետ:

«Մեծ ցանկութիւն ունէինք մեր շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքը յղել Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէին կատարած աշխատանքի համար: Դա կ՛արուի կայանալիք միջոցառման տեսքով, որն իր տեսակի մէջ բացառիկ է. ներկայացուելու են լուսանկարներ, որոնք մինչ այդ Հայաստանում չեն ցուցադրուել», յայտնած է Անտաբեան:

Լուսանկարներու ցուցահանդէսի կազմակերպման գաղափարը միութիւնը ունեցած է լուսանըկարի մը յայտնաբերումէն ետք. հոն պատկերուած էր հայ որբ երեխաներու խումբ մը:

Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի 25 Մայիսին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ (մուտքը հրաւէրով), 26 Մայիսին «Նարեկացի» միութեան կեդրոնին մէջ, իսկ 27 Մայիսին լուսանկարները պիտի ցուցադրուին Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» որբանոցին մէջ: Անտաբեան դիտել տուած է, որ Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» որբանոցին մէջ ներկայացուած շուրջ 100 լուսանկարները ցուցահանդէսին աւարտէն ետք պիտի նուիրուին որբանոցին։ Կը նախատեսուի նախքան ցուցահանդէսը տպագրել Ռոքֆելըրի արխիւային կեդրոնին մէջ պահուող լուսանկարներու գիրքը:

Ցուցահանդէսին զուգահեռ «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ բեմադրիչ Զարեհ Ճգնաւորեանի վաւերագրական ժապաւէններէն մին:

 

«Որբաքաղաք» 

Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէն Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուած է 1915ի 20 Նոյեմբերին «Երիտասարդական միութեան» կողմէ: Անիկա դրամահաւաք կը կազմակերպէր հայ կարիքաւորներուն օգնելու համար։

Կովկասի որբանոցներուն մէջ երեխաները օրական երեք անգամ սնունդ կը ստանային. անոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 25 հազարի:

Ասիկա մարդկութեան պատմութեան մէջ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած մեծագոյն որբանոցն էր, որ կը կոչուէր «Որբաքաղաք»: