Երէկ Սթրազպուրկ մեկնեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, մասնակցելու համար Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:

Նշենք, որ Հայաստան այսօրուընէ սկսեալ կը ստանձնէ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը: Ըստ Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական էջին, Հայաստանը նախարարներու կոմիտէն պիտի գլխաւորէ 6 ամսուայ ժամանակացոյցով։ Նոյեմբերին այդ լիազօրութիւնները պիտի փոխանցուին Աւստրիային, այնուհետեւ՝ յաջորդ տարուայ Մայիսէն՝ Ատրպէյճանի:

Յստակ կերպով սահմանուած են այն առաջնահերթութիւնները, որոնցով պէտք է շարժի մեր երկիրը նախագահութեան ծիրէն ներս: Մասնաւորապէս, ըստ կոմիտէի փաստաթուղթին, Հայաստան պէտք է ծառայէ «Եւրոպայի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու ամրապնդման համընդհանուր նպատակին»: