ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Մարտակերտի շրջանին մէջ 12 Մայիսին տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի առաջին տասը բնակելի առանձնատուներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Գիւղը կառուցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան միացեալ ուժերով: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին այդ օրերուն Արցախ գտնուող՝ Թեհրանի եւ Հիւսիսային Իրանի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանը, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ եւ բարերարներ:

Շնորհաւորութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքին մէջ վարչապետ Արա Յարութիւնեան նշեց, որ Նոր Կիլիկիա գիւղի հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն սիրով արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս նախաձեռնութենէն պիտի օգտուին աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ, քանի որ մօտիկ ապագային պիտի կառուցուին եւս 24 առանձնատուներ: «Նորակառոյց թաղամասի աջ եւ ձախ թեւերում յառաջիկայում կը կառուցուի եւս 24 տուն, որից 10ը՝ երեք սենեականոց եւ 14ը՝ 2 սենեականոց», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ, ըստ նախագիծի, պիտի կատարուի նաեւ տարածքի բարեկարգում, փողոցներու լուսաւորութիւն, մայթերու կառուցում: Նոր Կիլիկիոյ մէջ կը նախատեսուի կառուցել նաեւ 50 հոգինոց մանկապարտէզ, համայնքային կեդրոն եւ եկեղեցի։