Հայաստան հանդէս կուգայ Բ. կիսաեզրափակիչին, վաղը՝ 16 Մայիսին

Շուէտի մէջ երէկ սկսաւ Eurovision երաժշտական մրցումի առաջին հանգրուանը: Շուէտ՝ հինգերորդ անգամն ըլլալով կը կազմակերպէ այս մրցումը:

Յիշեցնենք, որ Շուէտի մէջ ծանօթ դարձած էր ABBA երաժշտական խումբը «Վաթերլօ» երգով:

Հայաստան հանդէս կուգայ «Տորիանս» խումբի մասնակցութեամբ, որոնք պիտի ներկայացնեն աշխարհահռչակ «Պլաք Սաբաթ»-ի կիթառահար Թոնի Այոմին երգը: 65-ամեայ երաժիշտը «Լոնլի Փլանեթ» («Միայնակ մոլորակ») երգը շատոնց գրի առած էր եւ այն կը պահէր իր մօտ:

Birmingham Mail պարբերականի փոխանցմամբ՝ Այոմին կոչ ուղղած է իր երկրպագուներուն, որ Մայիս 16ին Մալմոյի մէջ կատարուող մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչին աջակցին Հայաստանի «Տորիանս» խումբին եւ անոր երգիչ՝ Գոռ Սուճեանի ելոյթին: Հիմա «Լոնլի Փլանեթը» պիտի լսուի միլիոնաւոր մարդոց կողմէ։ Այոմի կը խոստովանի թէ ինք բացառիկ ուրախ պիտի ըլլայ եթէ երգը անցնի եզրափակիչ փուլ:

Այս տարի Eurovision-ի մրցոյթը դժուարացած պայմաններով պիտի իրագործուի, քանի որ դատական մարմիններու քուէարկութիւնը տարբեր եւ աւելի խիստ ձեւով պիտի կիրարկուի: Այսպէս, մէկ աւելի հարկաւոր է մեր բոլոր հայրենակիցներու զօրակցութիւնը՝ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն:

Բարի յաջողութի՛ւն «Տորիանս» խումբին: