Շուշիի ազատագրումը հայկական ռազմական ուժերու առաջին նշանակալից յաղթանակն էր արցախեան ազատամարտերուն: Ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 1992-ի Մայիս 8-ին ռազմավարական կարեւոր Շուշի լեռնաքաղաքի մէջ:

Մարտական գործողութիւնները ճշգրիտ հաշուարկուած էին եւ արդէն միւս օրը Շուշին լիովին ազատագրուած էր ատրպէյճանցիներէն, որոնք ողջ հակամարտութեան ընթացքին Շուշիէն կը ռմբակոծէին լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր՝ կոչուած վերականգնելու հայկական հինաւուրց հողի վրայ հայերու ապրելու անկապտելի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու մարտերուն կոփուած հայոց յաղթական ոգին: Այս յաղթանակով արցախեան շարժումը թեւակոխեց որակական նոր փուլ:

Հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւն էր Շուշիի ազատագրումը, իրականացուած՝ 4 ուղղութիւններով, միաժամանակեայ յարձակումներով։