Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը ՀՀԿ գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստին  ընթացին ներկայացուցած է կառավարութեան նոր կազմը: Այս մասին ՀՀԿ գործադիր մարմինի նիստի աւարտէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է ՀՀԿ մամլոյ խօսնակ Է. Շարմազանով:

Որոշուած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարը օժտել նախարարի դերակատա-  րութեամբ: Այդ պաշտօնին համար առաջարկուած է Վաչէ Գաբրիէլեանի թեկնածութիւնը: Անոր փոխարէն ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնին առաջադրուած է տնտեսագէտ Դաւիթ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնին համար առաջադրուած է վաստակաւոր մարզիկ, ողիմպիականի ախոյեան Եուրի Վարդանեանի, իսկ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին համար՝ միջազգային յայտնի փորձագէտ, նախկին նախարար Վահրամ Աւանեսեանի թեկնածութիւնը: Մնացած նախարարները պիտի վերանշանակուին իրենց պաշտօններուն վրայ, տեղեկացուցած է Շարմազանով՝ շեշտելով, որ տարածքային կառավարման նախարարի եւ փոխ վարչապետի պաշտօնը վերստանձնած է Արմէն Գէորգեանը:
Նախքան կազմի յայտարարութիւնը՝ տարբեր ենթադրութիւններ շրջած են լրատուական մի-ջոցներուն կողմէ: