Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Մոնթենէկրոյի փոխ վարչապետ, արտաքին գործերու եւ եւրոպական համարկման նախարար Իգոր Լուկշիչ: Ան հանդիպում ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը անդրադարձաւ երկկողմ յարաբերութիւններուն, նշելով, թէ կապերու հաստատումէն ի վեր՝ Իգոր Լուկշիչը Մոնթենէկրոյի առաջին բարձրաստիճան պաշտօնեան է, որ Հայաստան կÿայցելէ:

Ճակատագրով եւ նոյնիսկ անունով Մոնթենէկրօ  նման է Լեռնային Ղարաբաղին: Սեւ լեռներու եւ Սեւ դաշտերու երկիրները տասնհինգ տարուայ տարբերութեամբ հռչակեցին իրենց անկախութիւնը: Սերպիան առաջիններէն եղաւ որ ճանչցաւ դրացի Մոնթենէկրոն, Ատրպէյճանը սակայն  պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ: Այս իմաստով սպասելի է, որ անկախութեան ընդամէնը եօթամեայ պատմութիւն ունեցող Մոնթենէկրոյի հետ հայկական  կապերը կրնան աշխուժանալ: Մոնթենէկրոն իր կարգին փոքր երկիր մըն է, ուր կը բնակի ընդամէնը վեց հարիւր հազար մարդ:
Մոնթենէկրոյի եւ Սերպիայի յարաբերութիւններու օրինակը Հայաստանի համար ընկալելի է. նոյն պահուն ուսանելի պարագայ մըն է Ատրպէյճանի համար:  Մոնթենէկրոյի անկախութիւնը դրացի Սերպիայի համար անթոյլատրելի կը թուէր, քանի որ Պելկրատը կը կորսնցնէր անկախ պետութիւններու համար անգին հարստութիւն հանդիսացող դէպի ծով ելքը:
Նախարար Նալբանդեանի բնորոշմամբ Հայաստանի եւ Մոնթենէկրոյի ժողովուրդները շատ պատմական ընդհանրութիւններ ունին, ինչ որ լաւ հիմք կրնայ ծառայել միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման համար։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւան այցելելու եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝  Իգոր Լուկշիչ ընդգծեց, որ Մոնթենէկրօ կը կարեւորէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումը, աւելցնելով թէ  իր այցելութեան հիմնական նպատակն է երկկողմ յարաբերութիւններու եւ   պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերումը։
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Լուկշիչ անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու քննարկման: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր գործընկերոջ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը։
Նախարար Լուկշիչ առիթը ունեցաւ տեսակցելու վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելելու Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան: