Հայաստանի մէջ զբօսաշրջական գրասենեակները կը շարունակեն ահազանգել դէպի Հայաստանի օդանաւային փոխադրութեան սղութեան հարցով:
Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին, «Ամիստադ Տուր» զբօսաշրջական ընկերութեան տնօրէնուհի Արմինէ Ադամեան յայտնած է, թէ «մենք պէտք ունինք մեր ազգային փոխադրողին, առանց որուն զբօսաշըրջութեան զարգացում կարելի չէ»: Ան ըսած է, թէ օդանաւի տոմսերու բարձր գիներուն պատճառով, յաճախ զբօսաշրջիկները կը ջնջեն իրենց այցը Հայաստան: Ըստ Ադամեանի, գիները պէտք է ըլլան ներկայի գիներուն կէսը եւ թռիչքներն ալ՝ շատ աւելի բազմաթիւ: Ան դիտել տուած է, որ զբօսաշրջիկներու համար գրեթէ նոյն միջավայրը հրամցնող Վրաստան կը խլէ Հայաստանի հաւանական զբօսաշրջիկները, շատ աւելի աժան գինով օդանաւի տոմսեր առաջարկելով:
ԱՄՆ-ու դեսպան Ճոն Հեֆըրն եւս գանգատած է տոմսերու գիներէն: Ան ըսած է: Ակնարկելով ԱՄՆ-էն դէպի Հայաստան ճամբորդորդողներուն, ըսած է, որ Երեւան գալու համար զբօսաշրջիկը կամ 15 ժամ պէտք է անցընէ Վիեննայի օդակայանը, կամ երկու օր անցընէ օդանաւուն մէջ: Այս պայմաններով՝ անոնք չեն գար Հայաստան:
Յուսալու համար զբօսաշրջութեան զարգացումը՝ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՏՈՄՍԵՐԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ ԵՆ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ