Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակներու հանդիպում
Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահութիւնը ստանձնած է Հայաստանը Մայիս 1էն սկսեալ:
Վեհաժողովէն ներս հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի խօսքով, Հայաստանի նպատակն է՝ շարունակել կառոյցի հետ առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւնը՝ սեփական առաջնահերթութիւններ ունենալով:
Դ. Յարութիւնեան նաեւ անդրադարձաւ Ապրիլ 22էն-26 Ստրազպուրկի մէջ կայացած գարնանային նստաշրջանին, ուր ներկայացուեցաւ ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան զեկոյցը՝ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու ղեկավարներու հանդիպման: Ան նշեց թէ յառաջիկային չի բացառուիր հանդիպում նաեւ պատւիրակութիւններու միջեւ: