Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Ապրիլ 10-ին Քոնկրէսի քննարկման ներկայացուցած է 2014-ի պիւտճէի նախագիծը:
Ներկայացնելով նախագիծը՝ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշած է, որ ԱՄՆ վարչակազմի արտաքին օգնութիւնը պիտի նպաստէ ԱՄՆ անվտանգութեան ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման: Ան շեշտած է, որ նախորդ տարուան համեմատ ԱԳ նախարարութեան եւ USAID-ի ընդհանուր պիւտճէն կրճատուած է 6 տոկոսով: Պէտք է նշել, որ ներկայ պիւտճէն կ'առաջարկուի ԱՄՆ պատմութեան ընթացքին տնտեսական ամենախոր ճգնաժամէն մէկուն եւ պետական անձնակազմի ֆինանսաւորման աննախադէպ կրճատման պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ news.am-ը:
ԱՄՆ վարչակազմի առաջարկին համաձայն՝ Հայաստանին առաջարուող օգնութեան ծաւալը կազմած է 30,843 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան 36.608 միլիոն տոլար առաջարկին դիմաց: Այնուհանդերձ ԱՄՆ վարչակազմին կողմէ առաջարուած 30,843 միլիոն թիւը ենթակայ է փոփոխութեան, քանի որ ան դեռ պէտք է անցնի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենատի շարք մը օղակներով:
Հարկ է նշել, որ վարչակազմի առաջարկին մէջ պահպանուած է հաւասարակշռութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական յատկացումներուն միջեւ՝ 2.7 միլիոն տոլարի չափով արտաքին ռազմական օգնութեան (FMF) եւ 600 հազար տոլարի չափով Միջազգային ռազմական կրթութեան եւ վերապատրաստման (IMET) ծրագիրներուն համար:
Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական օգնութիւնը նախորդ տարուան ա-ռաջարկին համեմատ նուազած է 2.5 միլիոն տոլարով, կամ 9 տոկոսով: Ինչ կը վերաբերի Առողջապահութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ականազերծման եւ յարակից ոլորտներու ծրագիրներուն, ապա ընթացիկ տարուան մէջ ասոնց համար օգնութիւն չէ նախատեսուած Հարաւային Կովկասի երկիրներուն համար: Միւս երեք ծրագիրներուն համար ֆինանսաւորումը մնացած է անփոփոխ:
Իբրեւ կանոն՝ վարչակազմը իր նախագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին օգնութիւն չի նախատեսեր: Թէեւ տարիներ շարունակ ան կÿառաջարկուի Քոնկրէսի կողմէ:
Հարկ է նշել, որ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ տարածաշրջանի երկիրներու օգնութեան փաթեթը շարունակաբար կը կրճատուի. 2012-ին ան կրճատուած է 18 տոկոսով, 2013-ին՝ 15 տոկոսով, 2013-ին 11 տոկոսով: 2014-ի պիւտճէին մէջ 12 տոկոսով կրճատուած է կովկասեան երկիրներուն յատկացելիք օգնութեան փաթեթի առաջարկը: